2016-09-25 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Թիկունքը Մեքսիքոյի Եպիսկոպոսներու կոչին` ի սպաս ընտանիքին ու կեանքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 25 սեպտեմբեր 2016-ին Կրօնուսոյցներու Ողորմութեան Յոբելեանի առթիւ սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ուղղած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Գերմանիոյ Վուրզպուրկ քաղաքի մէջ Հայր Էնկելմար Ունցայթիկը Երանացումի արարողութեան մաղթելով որ անոր օրինակը, մեզ օգնէ ըլլալու` յոյսի եւ սիրոյ վկաներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու կոչին ի սպաս կեանքին ու ընտանիքին ըսաւ ''Սիրայօժար կը միանամ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներուն, թիկունք կանգնելով Եկեղեցւոյ ու քաղաքացիական աշխարհի յանձնառումին` ի սպաս ընտանիքին ու կեանքին, որոնք այս ժամանակներուն կը պահանջեն հովուական ու մշակութային յատուկ ուշադրութիւն, համայն աշխարհին մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ապահովեցուց իր աղօթքները Մեքսիքացի ժողովուրդին հայցելով որ դարդի բռնութիւնը որ այս օրերուն հարուածեց նաեւ մի քանի քահանաներ։ 

Քահանայապետը հուսկ անդրադարձաւ ''Խուլերու Համաշխարհային օրուան'' որ կը նշուի այսօր,  ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած կրօնուսոյցներուն ըսելով ''շնորհակալ եմ Եկեղեցւոյ մէջ  աւետարանումի ծառայութեան ի սպաս  ձեր յանձնառումին։ Տիրամայրը օգնէ ձեզ յարատեւելու հաւատքի ուղեւորութեան մէջ ու կեանքով վկայելու այն ինչ որ կը փոխանցէք ձեր կրօնի ուսուցումով։  








All the contents on this site are copyrighted ©.